2016-03-25 08:30:00

Աւագ Ուրբաթը`Քրիստոսի ձերբակալութեան, խաչելութեան ու մահուան յիշատակի օր։


Աւագ Ուրբաթը Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութեան, խաչելութեան ու մահուան յիշատակի օրն է: Առաւօտեան կը կատարուի ժաﬔրգութիւն, կ՛ընթերցուին Աւետարաններ, որոնք կը բովանդակեն Յիսուսի երկրային կեանքի վերջին ժաﬔրը` մատնութիւնը, ձերբակալութիւնը, Պետրոսի ուրացուﬓերը, Պիղատոսի մօտ տանիլը, մահուան վճիռը, չարչարանքներն ու անարգանքը, Գողգոթայի վրայ խաչուիլը, արեգակի խաւարումը, մահը, թաղումը:

Աւագ Ուրբաթ պատարագ չի մատուցիր, որովհետեւ Քրիստոս պատարագուեցաւ խաչին վրայ: Երեկոյեան արարողութիւնը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի թաղումը:

Աւագ Ուրբաթ օր կը յիշատակենք Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներու եւ խաչելութեան յիշատակը որովհետեւ, ըստ եկեղեցական օրէնքի, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք օրը կը փոխուի, ապա չարչարանքներուն նուիրուած արարողութիւնը կը կատարուի Հինգշաբթի երեկոյեան։ Արարողութեան ընթացքին կ’ընթերցուին ամապատասխան Աւետարաններ, իսկ խորանի վրայ վառող 12 մոմերը կը խորհրդանշեն առաքեալները։ Երբ ընթերցուի ռաքեալներու` Քրիստոսին լքելու մասին հատուածները, վառող մոմերը հերթով կը մարեն։ Յուդային խորհրդանշող մոմը սև գոյն կ’ըլլայ։ Աւագ ուրբաթ օրը ծաղիկներէ եւ մշտադալար ծառերու ճիւղերէ կը պատրաստուի Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը և երեկոյան ժամերգութիւնէն ետք, հոգևորականները, հաւաքուելով գերեզմանի մօտ, կ’երգեն Խաչի Քո Քրիստոս օրհներգը, այնուհետև բոլորը կը համբուրեն գերեզմանի վրայ դրուած խաչն ու Աւետարանը։

Մարդիկ սովորաբար կը վախնան մահէն, սակայն Քրիստոսի մահով և յարութեամբ արդէն մահը մեզի համար սարսափելի չէ, որովհետև մենք գիտենք յարութեան մասին։ Այդ իսկ պատճառով ծաղկահիւս այս գերեզմանը ոչ թէ մահ, այլ կեանք, յաւիտենութիւն ու երանութիւն կ’աւետէ։

Խաւարման արարողութեան ժամանակ խորանի վրայ կը վառին տասներկու հաւասարաչափ մոմեր և մէկ հատ մեծ՝ անոնց միջև: «Խաւարման» ընթացքին աւետարաններէն կը կարդացուին եօթ հատուածներ, որոնք կը բովանդակեն

1. Յիսուսի՝ Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ աղօթելը,

2. Յուդայի մատնելը,

3. Յիսուսի՝ ամբոխի ձեռքը յանձնուիլը,

4.Աննայի և Կայիափայի առաջ տարուիլը,

5. ապտակուիլը,

6. անարգուիլն ու

7.Պետրոսի երեք անգամ Յիսուսը ուրանալն ու զղջալը:

Աւետարանական ընթերցումները կ’ընդմիջուին սաղմոսներու ընթերցանութեամբ և Ս. Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած շարականներով: Ամէն աւետարանական ընթերցումէ ետք, կը մարեն տասներկու մոմերէն երկուքը՝ իւրաքանչիւր կողմէն մէկական, վերջաւորութեան կը մնայ միայն մէջտեղի մեծ մոմը: Եւս մէկ շարականէն ետք կը մարեն եկեղեցւոյ բոլոր լոյսերը, և կ’երգուի «Փառք ի բարձունս»-ը, զոր առաջին անգամ ըսեր են հովիւները.

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք, խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14): Այս երգի վերջին խօսքերէն «Ծագեա»-ի ժամանակ դարձեալ կը վառին լոյսերը: Մոմերը մարելը կը խորհրդանշէ աշակերտներու ձքելն ու փախչիլը, իսկ մէջտեղի մոմը կը խորհրդանշէ Քրիստոսը, որ մնացեր է միայնակ:

Ուրբաթ օրը տեղի կ’ունենայ կարգ Խաչելութեան, իսկ երեկոյեան ժամերգութենէն յետոյ նախատօնակի արարողութեան ընթացքին կը կատարուի Թաղման կարգը, երբ Յիսուս Քրիստոսի խորհրդանշական գերեզմանը՝ պատրաստուած ծաղիկներու և ծառի ճիւղերէ կը պտտի եկեղեցւոյ շուրջ՝ ի տես հաւատաւոր ժողովուրդի։








All the contents on this site are copyrighted ©.